By Asbarez | Thursday, 18 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական <<Ճումհուրիյէթ>> թերթը կը գրէ, որ Գերմանիոյ կառավարութեան անդամներուն միջեւ գաղտնի նամակագրութեան մը պատճէններու բացայայտումէն ի յայտ դարձած է, թէ գերմանացի պաշտօնատարներ համոզուած են, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կ՛աջակցին իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներու հետ՝ Թուրքիան դարձնելով անոնց գործունէութեան թատերաբեմը:
<<Գերմանիոյ կառավարութիւնը, որ գաղթականներու ճգնաժամին գծով յոյս դրած է Անգարայի աջակցութեան վրայ, կը խուսափի քննադատելէ Անգարան>>, կը գրէ թերթը:
Ձախակողմեաններու կուսակցական խմբակցութեան կողմէ հարցումի մը պատասխանելով՝ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Օլէ Շրէօտեր գրած է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն Միջին Արեւելքի իսլամ ծայրայեղականներուն եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ կը համագործակցի, իսկ Էրտողան գործնականապէս կ՛աջակցի այդ գործընթացին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ