Պաքու կը քննադատէ նահատակ զինուորը ոգեկոչելու Հայ ախոյեանին արարքը

By Asbarez | Friday, 19 August 2016



ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - Ատրպէյճանի երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սամայա Մամետովա մեկնաբանած է Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն ոսկի մետալ շահած հայ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի արարքը՝ պնդելով, որ <<հայկական կողմը կը շահագործէ հայ մարզիկին յաղթանակը՝ փորձելով քաղաքականացնել մարզանքը>>։

Յիշեցնենք, որ ողիմպիական ախոյեան դարձած Արթուր Ալեքսանեան մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին կը կրէր Արցախի քառօրեայ պատերազմին նահատակուած Ռոպեր Ապաճեանի դիմանկարով շապիկ մը եւ իր յաղթանակը նուիրեց սահմանը պաշտպանող բոլոր զինուորներուն ու զոհերուն:

 

comments