Թուրքիա ազատ պիտի արձակէ 38,000 բանտարկեալներ՝ Կիւլենականներուն տեղ պատրաստելով

By Asbarez | Friday, 19 August 2016

ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>> - Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, որ իշխանութիւնները ազատ պիտի արձակեն 38,000 բանտարկեալներ, որոնք պիտի շարունակեն մնալ դատարաններու վերահսկողութեան տակ:

Ազատ արձակուելու պայմանական որոշումէն պիտի օգտուին այն բանտարկեալները, որոնք յանցանք գործած են մինչեւ Յուլիս 1, 2016 թուականը։

Նոր որոշումը պիտի չընդգրկէ այն բանտարկեալները, որոնք բանտ մտած են դիտումնաւոր սպանութեան, ինքնապաշտպանութեան կարելիութիւն չունեցող մարդոց դիտումնաւոր կերպով վնաս պատճառելուն, սեռային ոտնձգութեան, ահաբեկչութեան ու պետութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ յօդուածներով։

Թրքական ընդդիմադիր մամուլը այդ որոշումը մեկնաբանելով՝ գրած է, որ իշխանութիւնները այդ ձեւով բանտերուն մէջ տեղեր կը պարպեն Անգարայի կողմէ՝ յեղաշրջման փորձին համար մեղադրուող իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի ձերբակալուած հետեւորդներուն համար:

Միւս կողմէ, <<Արմէնփրէս>> վկայակոչելով Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթը՝ կը հաղորդէ, որ այսուհետեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին իրաւունք վերապահուած է նշանակել բանակի սպայակոյտի պետը. ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան՝ նախագահը այդպիսի լիազօրութիւն չունի: Թերթը չէ նշած, թէ Թուրքիոյ ո՛ր ատեանին որոշումով է, որ Էրտողանին շնորհուած է այդ լիազօրութիւնը:

 


comments

Advertisement