By Asbarez | Saturday, 20 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>>, <<Առաւօտ>> - 19 Օգոստոսին <<Մեդիա կենտրոն>>ին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան, որ խօսած է Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն, տարածաշրջանին ու Հայաստանի մէջ անոր ունենալիք հաւանական ազդեցութեան, Ռու-սիոյ եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ կապերուն մասին։
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ տապալած զինուորական յեղաշրջման փորձին՝ Մանոյեան յայտնած է, որ միւս կողմէ կը յաջողի եւ ընթացքի մէջ է Էրտողանի յեղաշրջման փորձը: <<Դրա մասին Էրդողանը զգուշացրեց հէնց այդ ռազմական փորձի ժամանակ, երբ ինքը վերադարձաւ Ստամբուլ եւ յայտարարեց. <<Կարծես, թէ սա Աստծուց ուղարկած բարիք էր, որ մենք կարողանայինք հարկ եղած մաքրագործումը կատարել>>… Բերման է ենթարկուել մօտ 60 հազար մարդ, ձերբակալուել՝ մօտ 20 հազար մարդ, դրա համար էլ բանտերում տեղ չկայ, եւ դատապարտուածներից մի մասին հիմա պէտք է ազատ արձակեն, որպէսզի տեղ լինի նորերի համար: Բայց անցնելով ամէն սահման՝ հիմա սկսել են նաեւ մասնաւորի վրայ աշխատել>>, ըսած է Մանոյեան:
Լուսարձակի տակ առնելով այն երեւոյթը, որ այս բոլորը արդեօք որքա՞ն ազդեցութիւն պիտի ունենան տարածաշրջանի քաղաքականութեան վրայ՝ Մանոյեան նշած է, որ ատիկա յատկապէս նկատելի է Սուրիոյ առնչուած հարցերուն վրայ, քանի որ թուրքերը արդէն սկսած են խօսիլ այն մասին, որ կարելի չէ առանց Ռուսիոյ պատկերացնել սուրիական հարցին լուծումը։ <<Այսինքն՝ կարծես թէ, իրենք պատրաստ են իրենց մօտեցումները Սիրիայի հարցում առնուազն որոշ փոփոխութեան ենթարկել: Չեմ կարծում, որ կը լինեն յատուկ այլ փոփոխութիւններ տարածաշրջանային քաղաքականութիւնում: Դրական իմաստով ոչինչ չի փոփոխուի>>:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ եւ Հայաստան ի՞նչ կրնայ ընել այդ իրավիճակին մէջ՝ Մանոյեան ըսած է. <<Չեմ կիսում այն տեսակէտը, թէ Թուրքիան ռազմական յեղաշրջման փորձից յետոյ աւելի ուժեղ դուրս եկաւ, ճիշդ է, սակայն, որ Էրդողանն է աւելի ուժեղացել: Իսկ դա չի ենթադրում, որ երկիրն է ուժեղ: Հայաստան կ՛ունենայ որոշ հնարաւորութիւններ Թուրքիայի՝ արեւմուտքի հետ վատ յարաբերութիւնների ներկայիս փուլում մի քիչ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալ արեւմուտքի հետ: Համեմատած Թուրքիայի հետ՝ Հայաստան շատ աւելի վստահելի ընկեր կարող է դիտուել: Անհրաժեշտ է, որ մենք այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկենք ոչ միայն պետական, այլեւ հասարակական-քաղաքական մակարդակի վրայ>>:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին համաձայն՝ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան համագործակցութիւնը խորքային բնոյթ չ՛ունենար: <<Նրանք աւելի շատ Արեւմուտքի նկատմամբ կեցուածի պատճառով են այսպիսի միասնական կերպար որդեգրում: Չեմ կարծում, որ հասնեն ռազմավարական գործընկերութեան, բայց կ՛ունենան որոշակի գործակցութիւն՝ առնուազն առեւտրատնտեսական բնագաւառում: Իսկ ռազմավարականի չեն հասնի, քանի որ ունեն տարածաշրջանում շահերի տարբերութիւններ, անվստահութիւն: Այսօր նրանց միակ համընկնող շահը Արեւմուտքի նկատմամբ իրենց կեցուածքն է>>, նշած է Կ. Մանոյեան:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ