Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւնը

By Aztag Daily | Monday, 22 August 2016



Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց անցեալ ամիս Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը` այդպիսով վերջ տալով երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ տարակարծութեան եւ ճամբան հարթելով դիւանագիտական լիարժէք յարաբերութիւններու վերականգնման:

Երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիմամբ` Իսրայէլ յառաջիկայ 25 օրուան ընթացքին Թուրքիոյ պիտի փոխանցէ 20 միլիոն տոլարի գումար մը, իբրեւ <<Մաւի Մարմարա>>-ի դէմ իսրայէլեան բանակի յարձակումի զոհերուն փոխհատուցում:

Ըստ համաձայնութեան, Իսրայէլի որեւէ քաղաքացի արձանագրուած դէպքին համար առանձնաբար որեւէ քրէական կամ դրական պատասխանատուութեան պիտի չենթարկուի:

 

comments