Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շարունակէ Սուրիոյ Հայութեան գծով իր խորհրդակցութիւնները

By Aztag Daily | Monday, 22 August 2016



Ժընեւի մէջ, Երեքշաբթի 16 օգոստոս 2016-ի երեկոյեան, Սուրիոյ տագնապին գծով ՄԱԿ-ի գլխաւոր բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի հետ տեսնուելէ ետք, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան գծով:

Այս ծիրին մէջ, դարձեալ Ժընեւի մէջ, վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ ունեցաւ միջ-եկեղեցական այն կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, որոնք Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) ճամբով իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը վերջին ութ տարիներուն ՄԱԵԽ-ի նախագահներէն մին է:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպում ունեցաւ զուիցերիական մարդասիրական <<Արմենոֆաս>> հիմնադրամի նախագահ Թենի Սիմոնեանի հետ եւ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ նախքան Ժընեւ մեկնիլը, վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի <<Հայաստան>> համահայկական հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեանին հետ եւ իր գնահատանքը յայտնեց, որ յիշեալ հիմնադրամը անցնող տարիներուն օժանդակած է Սուրիոյ հայկական դպրոցներուն, միաժամանակ շեշտեց օժանդակութիւնները շարունակելու հրամայականը:

 

comments

Advertisement