Արցախ երբեք մաս պիտի չըլլայ Ազրպէյճանին - կ՛ըսէ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկել

By Aztag Daily | Monday, 22 August 2016



<<Արցախը Ազրպէյճանին մաս չի կազմեր եւ երբեք ալ մաս պիտի չըլլայ>> յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկել <<Նիուզ>>-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

<<Եթէ դուն նախայարձակ պատերազմի կը ձեռնարկես ու կը պարտուիս, կարելի չէ վերադառնալ նախապէս տիրած կարգավիճակին, այլապէս Քալինինկրատը մինչեւ հիմա  Քէօնիքսպերկ կը կոչուէր>> ընդգծած է Էնկել:

Արցախի գծով Ազրպէյճանը դատապարտող Եւրոպական խորհրդարանի կեցուածքի մը գծով հարցումին անդրադառնալով`  Ֆրանք Էնկել  յիշեցուցած է, թէ անցնող ապրիլին Եւրոպական խորհրդարանը բանաձեւած է յստակ կեցուածք, որուն մէջ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ շարք մը երկիրներ առաջարկած են դատապարտել Ազրպէյճանի յաճախակի յարձակումները եւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, սակայն անդամ երկիրներու մեծ մասը տակաւին պէտք է առերեսուի փաստերուն:

Նշենք, որ անցնող 12 ապրիլին, Եւրոպական խորհրդարանը իր  լիագումար նիստին քննարկած է Արցախի իրավիճակը եւ շատ մը երկիրներ, ինչպէս` Ֆրանսա, Չեխիա, Լեհաստան, Կիպրոս, ներառեալ լիւքսամպուրկցի խորհրդարանական Ֆրանկ Էնկել, առաջարկած են պատժամիջոցներ տնօրինել Ազրպէյճանի դէմ եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

 

comments

Advertisement