55 զոհ խլած Այնթապի պայթումին պատասխանատուները կը փնտռուին

By Asbarez | Tuesday, 23 August 2016

 

0823aintep

ԼՈՆՏՈՆ, <<Պի.Պի.Սի.>> - Շաբաթ, Օգոստոս 20ի երեկոյեան, Այնթապի մէջ տեղի ունեցած եւ 55 զոհ խլած անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուին հետապնդումը կը շարունակուի, սակայն Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան այս առթիւ յայտնեց, թէ շատ հաւանական է, որ Այնթապի պայթումին հեղինակը <<Իսլամական պետութիւն>>ն է։

Ան նշեց, որ պայթումին հեղինակը 12-14 տարեկան պատանի մըն էր։ Էրտողան նախապէս յայտնած էր, որ ոչ մէկ տարբերութիւն կը տեսնէ <<Իսլամական պետութեան>>, կիւլենականներուն եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան միջեւ:

Նշենք, որ Սուրիոյ սահմանէն մօտաւորապէս 50 մղոն հեռաւորութեան վրայ գտնուող եւ 1.5 միլիոն բնակիչ ունեցող Այնթապ քաղաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քիւրտ է։ Պայթումը տեղի ունեցած է քիւրտ ազատամարտիկի մը պսակի արարողութեան աւարտին։

Միւս կողմէ, կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ Այնթապի պայթումը կը կապեն տարբեր դէպքերու, որոնցմէ մէկն է վերջերս քիւրտերու կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեճ քաղաքի գրաւումը: Դէպքը կրնայ փոխվրէժի արարք մը ըլլալ: Իսկ այլ աղբիւրներ պայթումը կը նկատեն <<Իսլամական պետութեան>> կողմէ ուժի եւ ներկայութեան ցուցադրութեան ջանք:

Պայթումը, որ թրքական պետութեան կողմէ ահաբեկչական արարք որակուեցաւ եւ որուն պատասխանատուութիւնը ցարդ ոչ մէկ խմբաւորում ստանձնեց, դատապարտումի լայն ալիք մը ստեղծեց միջազգային շրջանակներու մօտ: Այս ծիրին մէջ, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս եւ այլ երկիրներ իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին զոհերուն համար:

 



comments

Advertisement