By Asbarez | Tuesday, 23 August 2016

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան այլախոհ <<Էօզկիւր Կիւնտեմ>> թերթի փակումէն ետք հարցագիր մը ներկայացուց վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին՝ խնդրելով, որ պատասխան տրուի հետեւեալ հարցումներուն.
– Օգոստոս 16ին, Պոլսոյ 8րդ դատարանին արձակած վճիռին համաձայն՝ ժամանակաւորապէս փակուած է <<Էօզկիւր Կիւնտեմ>> թերթը, խուզարկութիւններ կատարուած են խմբագրատան մէջ, ինչպէս նաեւ հսկողութեան տակ առնուած են խմբագրակազմի անդամներն ու այդ պահուն հոն գտնուող այցելուները։
– Թերթը փակելու համար որպէս պատճառ ներկայացուած է սահմանադրութեան 28րդ յօդուածի 8րդ կէտը, որուն մէջ կ՛ըսուի՝ <<Թուրքիոյ մէջ որեւէ պարբերական կրնայ դատարանի վճիռով առժամաբար փակուիլ, եթէ այդ պարբերականի հրատարակութիւնները վտանգ կը սպառնան պետութեան եւ ժողովուրդին միասնականութեան, հանրապետութեան հիմնական սկզբունքներուն, ազգային ապահովութեան, հասարակաց բարոյական չափանիշներուն, եւ դատավճիռներ արձակուած են այդ պատճառներով>>։ Դատարանի վիճռին մէջ նշուած է նաեւ, որ <<Էօզկիւր Կիւնտեմ>>ի դէմ թէեւ հետաքննութիւններ բացուած են, սակայն ցարդ որեւէ դատավճիռ չէ արձակուած։ Ուստի, եթէ դատավճիռ մը չկայ, սահմանադրութեան ներհակ որոշում մը չէ՞ թերթին փակումը։
– Եթէ սահմանադրութեան 28րդ յօդուածը պատճառ չէ, ապա օրինական ի՞նչ հիմքեր կան <<Էօզկիւր Կիւնտեմ>>ը փակելու համար։
– Փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած էր, որ <<արտակարգ դրութեան>> պայմաններուն տակ պիտի չոտնահարուին հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները։ <<Էօզկիւր Կիւնտեմ>>ի փակումն ու թերթի խմբագրակազմի անդամները ծեծելով հսկողութեան տակ առնելրը <<հիմնական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու>> ոտնահարում մը չէ՞։
– Լրագրողները ծեծելով հսկողութեան տակ առնելը մարդու իրաւունքներու ոտնահարում չէ՞։
– Յուլիս 15ի զինուորական հարուածին յաջորդող այս շրջանին, արդի քաղաքականութեան հետ հակասական չէ՞ արդեօք արգելք ըլլալը մամլոյ ազատութեան, որ զինուորական յեղաշրջումի մը պտուղն է եւ որուն մասին թէեւ յօդուած մը կար սահմանադրութեան մէջ, բայց այդ յօդուածը երկար տարիներ արհամարհուեցաւ։
Նշենք, որ թերթի հրատարակութեան տնօրէնութեան վարչական խորհուրդի անդամ եւ թերթի աշխատակիցներէն Ասլը Էրտողան, որ հսկողութեան տակ առնուած էր, ձերբակալուեցաւ ու բանտ ուղարկուեցաւ՝ <<զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու>> մեղադրանքով։ Գրագիտուհիին ձերբակալութեան որպէս փաստեր կը նշուին թերթին մէջ իր հրատարակած գրութիւններն ու թերթի հրատարակութեան տնօրէնութեան վարչութեան անդամ ըլլալը։
Էրտողան հարցաքննութեան ընթացքին պնդեց, որ ինք զինեալ ո՛չ մէկ կազմակերպութեան հետ կապեր ունի եւ չ՛ընդունիր այդ մեղադրանքները, որոնք ուղղուեցան իրեն։ Ան ըսաւ նաեւ, որ ինք երբեք առաջարկ, տեսակէտ կամ հրահանգ չէ տուած թերթի հրատարակութեան քաղաքականութեան առնչութեամբ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ