Ապահովութեան մէջ խաղաղութիւն, ազատութիւն եւ հաւասարութիւն կ՛ուզենք. Տեմիրթաշ

By Asbarez | Tuesday, 23 August 2016

 

0824Demirtas

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Այնթապի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր ահաբեկչութեան կապակցութեամբ երկրին մէջ պառակտումի ու կռիւի նոր շրջան մը բացուած է։

Քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները խստիւ պախարակեցին հարսանիքի հանդիսութեան ընթացքին վերջերս կատարուած ահաբեկչութիւնը, սակայն յուղարկաւորութիւններուն ընթացքին բախումներ պատահեցան ազգայնամոլ եւ քրտամէտ շրջանակներուն միջեւ։

Միւս կուսակցապետներուն կարգին, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ եւս խօսած էր այս մասին, բայց ան անուղղակի կերպով գանգատած էր կառավարութեան ու միւս կուսակցութիւններուն կողմէ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած անտեսումէն, եւ ըսած էր, որ պէտք է <<միասնաբար բաժնենք այս սուգը>>։

Տեմիրթաշ այցելեց նաեւ զոհերու ընտանիքներուն եւ այս առիթով ունեցաւ հետեւեալ արտայայտութիւնը. <<Այս հողերուն վրայ նմանօրինակ մահերէ կշտացանք այլեւս։ Ան, որ կ՛ըսէ, թէ այս հողերը <<արեամբ չկշտացան>>, կը ստէ։ Այս հողերուն վրայ ջուրէն աւելի շատ, քարիւղէն աւելի շատ ի՞նչ կայ, եթէ ոչ՝ արիւն։ Քաղաքակրթութեան, մարդկութեան առաջին հիւրընկալը այս հողերն են։ Հազարաւոր տարիներէ ի վեր այս հողերուն վրայ արիւն կը հոսի։ Կայսրութիւններ, թագաւորութիւններ փուլ եկան, քաղաքակրթութիւններ կործանեցան, այս հողերուն վրայ հոսող արիւնը տակաւին չվերջացաւ։ Մեր կարիքը արիւն եւ արցունք չէ, մեր կարիքը անդորրութեան եւ ապահովութեան մէջ խաղաղութիւն, ազատութիւն եւ արդարութեան սկզբունքին համապատասխան հաւասարութի՛ւն է>>։

Իշխանամէտ մամուլը կը հաղորդէ, թէ քրտամէտ կուսակցութիւնը շարունակ լռութիւն կը պահէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան կողմէ կատարուած ահաբեկչութիւններուն մասին, իսկ այս անգամ, երբ յայտնի դարձաւ, թէ արարքը <<Իսլամական պետութեան>> արարքն էր, ջանաց զանազան միջոցներով քաղաքական շահ ապահովել՝ զոհերը շահագործելով։

 



comments