Ամերիկացիներուն 57 տոկոսը դժգոհ է Թրամփը կամ Քլինթընը նախագահ ընտրելու պարտադրանքէն

By Asbarez | Thursday, 25 August 2016

0824trump-clinton

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Ամերիկեան <<Ուաշինկթըն Փոսթ>> օրաթերթին եւ <<Էյ.Պի.Սի.>> պատկերասփիւռի կայանին կատարած հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց կու տան, որ ամերիկացիներուն կէսէն աւելին՝ 57 առ հարիւրը, դժգոհ է Տանըլտ Թրամփը կամ Հիլըրի Քլինթընը նախագահ ընտրելու անհրաժեշտութենէն:

Հարցախոյզի մասնակիցներէն 35 առ հարիւրը ըսած է, թէ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Քլինթընի եւ Թրամփի փոխարէն՝ պիտի նախընտրէր քուէարկել այլ թեկնածուի մը ի նպաստ: Իբրեւ այլընտրանք, անոնք կը նշեն ընտրական նախնական պայքարէն դուրս մնացած դեմոկրատ Պըրնի Սենտըրզը եւ հանրապետական Թետ Քրուզը:

Հարցախոյզի մասնակիցներուն 59 առ հարիւրը մտահոգութիւն յայտնած է, որ նախագահական աթոռի այլ թեկնածու մը կրնայ առաջնորդել յաղթանակին այն թեկնածուին, որուն ընտրութեան ականտես չ՛ուզեր ըլլալ։

 



comments

Advertisement