By Asbarez | Thursday, 25 August 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - <<Փրենսա Լաթինա>> լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Քուպա եւ Իրան Հաւանայի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներու յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ փոխըմբռնումի առաջին յուշագիրը, որ պիտի խթանէ երկու երկիրներու առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացումը:
Համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի Քուպա այցելութեան ընթացքին: Քուպա այս միօրեայ այցելութիւնը մաս կը կազմէ Իրանի դիւանագիտութեան ղեկավարին լատինամերիկեան շրջապտոյտին: Զարիֆի կ՛ընկերակցի 60 գործարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Յուշագիրը ստորագրուած է երկու երկիրներու առաջին տնտեսական խորհրդաժողովին աւարտին: Խորհրդաժողովին նախագահած են Զարիֆն ու Քուպայի արտաքին առեւտուրի եւ օտարերկրեայ ներդրումներու նախարար Ռոտրիկօ Մալմիերքին: Կողմերը արձանագրած են երկկողմանի յարաբերութիւններու <<լաւ մակարդակը>>՝ այն պահուն, երբ Քուպա կը կատարէ տնտեսական բարեփոխումներ եւ կը ձգտի ներգրաւել օտարերկրեայ ներդրումներ:
Գործարարներու հանդիպման ընթացքին Զարիֆ յայտնած է, որ Իրան շահագրգռուած է կապերը ընդլայնելու նաեւ Հարաւային Ամերիկայի հետ, եւ այս ծիրին մէջ, բացի Քուպայէն, պիտի այցելէ նաեւ Նիքարակուա, Էքուատոր, Չիլի, Վենեզուելլա եւ Պոլիվիա:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ