Ուաշինկթըն կանխաւ տեղեակ չէր Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձէն. Պայտըն

By Asbarez | Friday, 26 August 2016

 

0826biden

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն Օգոստոս 24ին Անգարայի մէջ ունեցած իր պաշտօնական հանդիպումներէն առաջ այցելեց Թուրքիոյ խորհրդարան եւ աչքէ անցուց Յուլիս 15ի զինուորական յեղաշրջման ձախող փորձին ընթացքին խորհրդարանի շէնքին հասած վնասները:

Պայտըն Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ կանխաւ տեղեակ չէր յեղաշրջման փորձէն եւ <<չաջակցեցաւ թրքական զինեալ ուժերու շարք մը անդամներուն վախկոտ արարքին>>, ապա նաեւ աւելցուց. <<Ամերիկա աշխատանք կը տանի Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման համար եւ շատ արագ յայտարարեց յեղաշրջումի փորձին իր մերժումը>>, հակադարձելով Անգարայէն կատարուած այն պնդումներուն, թէ Ուաշինկթըն աջակցած է յեղաշրջումի փորձին։

<<Թուրքիան Ամերիկայէն աւելի կարեւոր բարեկամ մը չունի, եւ մենք պէտք է յարգենք Ֆեթհուլլահ Կիւլենի արտայանձնումին մէջ օրէնսդրական մեր պայմանները>>, նշեց Պայտըն:

Պայտըն նաեւ սուրիացի քիւրտ ուժերուն կոչ ուղղեց Եփրատ գետի արեւմտեան ափէն նահանջելու դէպի արեւելեան ափ՝ ընդգծելով. <<Անոնք պիտի չստանան ամերիկեան աջակցութիւն, եթէ այդ յանձնառութիւնը չյարգեն>>:

Իր կարգին, Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու աջակցութիւնը՝ սպառնալիքի աճը կանխարգիլելու համար։

 



comments

Advertisement