Թրքական յաւելեալ հրասայլեր Սուրիա կը ներխուժեն

By Asbarez | Friday, 26 August 2016

0826trk syr

ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ սահմաններէն ներս թրքական ուժերուն կողմէ իրականացուող <<Եփրատի վահան>> անունով ռազմական գործողութեան երկրորդ օրը՝ Օգոստոս 25ին, թրքական բանակի առնուազն 10 յաւելեալ հրասայլեր ներխուժած են սուրիական սահմանամերձ Ճարապլոս քաղաքը, ուրկէ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորումը մէկ օր առաջ գրեթէ առանց հակադարձութեան դուրս եկած էր:

Նշենք, որ Անգարա հաստատած է, թէ Ճարապլոսի վրայ յարձակումին նպատակն էր կանխել քրտական ուժերուն կողմէ քաղաքին գրաւումը։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ թրքական միջամտութեան առթիւ եւ շեշտեց, որ Անգարա Սուրիոյ սահմանին վրայ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է համակարգէ Դամասկոսի հետ:

Քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմ, մեկնաբանելով թրքական գործողութիւնը՝ յայտարարեց. <<Թուրքիա Սուրիոյ ճահիճին մէջ պիտի մատնուի պարտութեան, ճիշդ ինչպէս պարտութեան մատնուեցաւ <<Իսլամական պետութիւն>>ը>>:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ դատապարտեց թրքական հրասայլերուն սուրիական հողեր մուտք գործելը՝ աւելցնելով. <<Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պիտի չյաջողի <<Իսլամական պետութիւն>>ը վտարելով եւ անոր փոխարէն Անգարայի աջակցութիւնը վայելող այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու տեղաւորումով>>:

Իր կարգին, Թուրքիոյ մօտ Իսրայէլի դեսպանի պաշտօնակատար Ամիրա Օրոն աջակցութիւն յայտնեց թրքական գործողութեան։

 



comments

Advertisement