By Asbarez | Tuesday, 22 November 2011
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի. Էյ.».- Անցեալ Դեկտեմբեր 29ին, երբ Քոնկրեսը արդէն ձմեռնային արձակուրդի մեկնած էր, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Մեթիու Պրայզան մէկ տարուան համար Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակած էր՝ խուսափելու համար Ծերակոյտին մէջ անոր նշանակումը վաւերացնելու դէմ սկսած արշաւէն, որուն միացած էր նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, նկատի ունենալով Պրայզայի հակահայ եւ ատրպեճանամէտ կեցուածքները: Մինչեւ Պրայզայի նշանակումը, դեսպանի պաշտօնը թափուր մնացած էր մօտաւորապէս վեց ամիսով:
Այս արարքին տարեդարձը կը մօտենայ եւ արդէն իսկ կը քննուին Պրայզան վերանշանակելու կամ նոր դեսպան մը գտնելու կարելիութիւնները:
Ծերակոյտէն աղբիւրներ հաղորդած են, թէ Պրայզա կը շարունակէ մնալ Սպիտակ տան պաշտօնական միակ թեկնածուն: Անոնք աւելցուցած են, թէ մինչեւ տարեվերջ, բաւարար ժամանակ կայ Սպիտակ տան առաջադրելիք թեկնածուները վաւերացնելու կարելիութիւնը քննելու համար:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ