Դիլիջանի մէջ պիտի կայանայ Ուիքիմետիա միջազգային կառոյցներու համաժողով

By Asbarez | Saturday, 27 August 2016

0827wikimedia

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - 27-29 Օգոստոսին Դիլիջանի մէջ պիտի սկսի Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու <<Ուիքիմետիա>> կազմակերպութիւններու եւ խումբերու տարեկան համաժողովը՝ Wikimedia CEE Meeting 2016 (#WMCEE2016), որ կը կազմակերպուի <<Ուիքիմետիա>>  Հայաստանի եւ <<Ուիքիմետիա>> հիմնարկին կողմէ՝ Scholae Mundi Armenia բարեգործական հիմնադրամին աջակցութեամբ:

Համաժողովին ներկայ պիտի ըլլան <<Ուիքիմետիա>> շարժման տարբեր ուղղութիւններու առաջատար մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ <<Ուիքիմետիա>>  հիմնարկի ղեկավարները՝ գործադիր տնօրէն Քաթրին Մայըրի գլխաւորութեամբ, որ առաջին անգամն ըլլալով պիտի մասնակցի նման համաժողովի:

Հայաստան պիտի ժամանեն <<Ուիքիմետիա>>ի պատասխանատուներ շուրջ 27 երկիրներէ՝ Ալպանիա, Աւստրիա, Պելոռուս, Պոսնիա եւ Հերցոքովինա, Պուլկարիա, Խրուաթիա, Իրան, Չեխիա, Էսթոնիա, Վրաստան, Գերմանիա, Յունաստան, Հունգարիա, Լաթվիա, Մակեդոնիա, Մոլտովա, Իտալիա, Լեհաստան, Ռումանիա, Ռուսիա, Սերպիա, Սլովաքիա, Թուրքիա, Ուքրանիա, Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ:

Անոնք պիտի հաւաքուին Դիլիջանի միջազգային դպրոցին մէջ (UWC Dilijan) քննարկելու համաշխարհային ուիքի–համայնքի արդիական խնդիրները: Երեք օրերու ընթացքին համաժողովի մասնակիցները պիտի ներկայացնեն իրենց տարածաշրջանի <<Ուիքիմետիա>>ի մասնաճիւղերու աշխատանքը, իսկ <<Ուիքիմետիա>> հիմնարկի ներկայացուցիչները՝ ազատ/բաց ծրագրային ապահովման նորարարութիւնները, ազատ գիտելիք եւ ազատ բովանդակութիւն թեմաներուն վերաբերող ընկերային եւ թեքնիք անդրադարձները:

Նման համաժողովի մը Հայաստանի մէջ կայացումը եզակի առիթ է Հայաստանի ուիքիհամայնքին համար՝ ծանօթանալու <<Ուիքիմետիա>>  նորագոյն ծրագրային գործիքներուն, այլ երկիրներու մէջ իրականացուող նախաձեռնութիւններուն, Ուիքիմետիայի ձեռքբերումներուն, եւ ներկայացնելու Հայաստանի մէջ գործադրուող ծրագիրները եւ իրենց մօտեցումները:

<<Wikimedia CEE Meeting 2016 կ՛անցկացուի Հայաստանում հայաստանեան վիքի համայնքի արդիւնաւէտ աշխատանքի շնորհիւ: Այս կոնֆերանսը կարեւոր իրադարձութիւն է թէ Wikimedia Հայաստանի եւ թէ UWC Դիլիջան քոլեջի համար: Լիայոյս եմ, որ Scholae Mundi Armenia եւ IDeA հիմնադրամների հետ մեր համագործակցութիւնը շարունակական է լինելու՝ ընդգրկելով նոր նախաձեռնութիւններ>>, յայտնած է <<Ուիքիմետիա>>  Հայաստանի նախագահ եւ համահիմնադիր Սուսաննա Մկրտչեան:

<<Մեզի համար մեծ պատիւ է, որ Դիլիջանի միջազգային քոլեճին մէջ նման նշանակալի համաժողով պիտի կայանայ եւ անոր ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի մէջ որակեալ կրթութիւնը հաւասարապէս հասանելի դարձնելու արհեստագիտութիւնները: Յոյս ունինք, որ Scholae Mundi–ի եւ <<Ուիքիմետիա>> Հայաստանի միջեւ ծաւալող համագործակցութիւնը հիմք պիտի ծառայէ երկրին մէջ համաշխարհային լաւագոյն կրթական փորձի տարածման համար>>, ըսած է Scholae Mundi Armenia–ի համահիմնադիր, Դիլիջան քոլեճի կառավարիչներու խորհուրդի նախագահ Վերոնիքա Զոնապենտ:

Համաժողովին ընթացքին իրականացուող աշխատանքը հիմք պիտի հանդիսանայ <<Ուիքիմետիա>> հիմնադրամին եւ Կեդրոնական ու Արեւելեան Եւրոպայի տարբեր երկիրներու ոչ շահու-թաբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ առաւել սերտ համագործակցութեան ծաւալման համար, ինչպէս նաեւ <<Ուիքիմետիա>>ի հայ ներկայացուցիչներուն այս միջազգային շարժման մէջ առաւել եւս ներգրաւուելու կարելիութիւն պիտի տայ:

 



comments

Advertisement