Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը կը հերքէ Հայկական անօդաչու սարքի ջախջախման մասին Ազրպէյճանի տարածած տեղեկութիւնը

By Aztag Daily | Monday, 29 August 2016

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Ազրպէյճանի կողմէ հայկական անօդաչու սարքի ջախջախման մասին տարածուած տեղեկութիւնները:

Այս մասին <<Արմենփրէս>>-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան  տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու  վարչութենէն, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած լուրը այն մասին, թէ հայկական անօդաչու սարք ջախջախուած է Նախիջեւանի մէջ, չի համապատասխաներ իրականութեան:

Աւելի կանուխ ազրպէյճանական կողմը տեղեկութիւններ  տարածած էր այն մասին, թէ ազրպէյճանական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Նախիջեւանի մէջ ջախջախած են հայկական անօդաչու սարք մը:

 


comments

Advertisement