By Asbarez | Tuesday, 30 August 2016
ՓՐԱԿ, <<Ռոյթըրզ>> - <<Թրքական բանակի զինուորական գործողութիւնը Սուրիոյ մէջ չի նպատակադրեր օգնել սուրիացի ժողովուրդին, այլ կը միտի քրտական հարցի լուծման, որ աւելի հրատապ է Անգարայի համար>>, յայտարարեց Չեխիոյ ներքին գործոց նախարար Միլան Չովանիչ, իր մտահոգութիւնը յայտնելով թրքական այս քայլի հեռանկարներուն գծով:
Չովանիչ ընդգծեց, որ Չեխիա պիտի մերժէ ընդունիլ ոեւէ գաղթական, գէթ մինչեւ այս տարեվերջ: Ըստ Թուրքիոյ եւ Չեխիոյ միջեւ նախօրօք կնքուած համաձայնութեան՝ Չեխիա պէտք է երեք հազար գաղթական ընդունի յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին:
Նոյն ծիրին մէջ, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր ընդվզումը արտայայտեց կարգ մը երկիրներու կողմէ գաղթականներու մերժումին գծով: Պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը Մերքել անընդունելի նկատեց, թէ Եւրոպական Միութեան անդամ կարգ մը երկիրներ կը մերժեն գաղթականներ ընդունիլ՝ պատրուակելով, որ անոնք իսլամ են: <<Անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչի՛ւր անդամ երկիր ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը եւ ընդունի իրեն վիճակուած գաղթականներու թիւը>>, շեշտեց ան:
Ըստ գերմանացի նախարարի մը՝ Գերմանիա 250-300 հազար գաղթական պիտի ընդունի՝ հետեւելով այս գծով Եւրոմիութեան հետ կնքուած համաձայնագիրին:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ