Ուաշինկթըն եւ Ֆրանսա Թուրքիոյ եւ Քիւրտերուն կոչ կ՛ընեն դադրեցնելու Սուրիոյ մէջ բախումները

By Asbarez | Thursday, 01 September 2016

0901Jarablus_83016

ՄՈՍԿՈՒԱ - <<ՌԻԱ Նովոսթի>> կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի յայտնած է, որ Ուաշինկթըն Թուրքիոյ եւ սուրիացի քիւրտ զինեալներուն կոչ ըրած է դադրեցնելու իրենց բախումները, եւ պայքարը կեդրոնացնելու <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան վրայ:

Քըրպի ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիա կը շարունակէ մնալ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը, սակայն շեշտած է, որ իր երկիրը <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին մէջ կ՛աջակցի նաեւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն:

Նոյնանման կոչ մը ուղղեց նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզէֆ Վոթըլ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ իր կարգին եւս քննադատեց Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինուորական միջամտութիւնը՝ նշելով, որ <<բազմաթիւ եւ հակասական>> միջամտութիւնները իրենց մէջ կը պարունակեն սուրիական տագնապը աւելիով հրահրելու վտանգը: Հոլանտ կոչ ուղղեց կողմերուն, որ վերջ տան բախումներուն եւ Սուրիոյ մէջ բանակցութիւններու սկսին։ Ան յայտնեց, որ թրքական եւ ռուսական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ հողերուն վրայ իրականացուող գործողութիւնները կրնան բախումները սաստկացնել։

<<Թուրքիոյ կողմէ <<Իսլամական պետութեան>> վրայ յարձակումները հասկնալի են, սակայն Անգարա <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պատերազմող քրտական ուժերն ալ թիրախ ընտրած է>>, ըսաւ Հոլանտ։

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդական Պեն Ռոտզ նախապէս յայտարարած էր. <<Մենք չենք աջակցիր եւ պիտի չպաշտպանենք թրքական զինեալ ուժերուն շարժումը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ գործունէութիւնը՝ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն դէմ, որոնց պաշտպան կը կանգնի Միացեալ Նահանգները>>:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր իր կարգին նշած է, որ Ուաշինկթըն կը պաշտպանէ Թուրքիոյ գործողութիւնները՝ Ճարապլոսի հիւսիսէն մինչեւ իր սահմանը, ինչպէս նաեւ Ճարապլոսէն արեւմուտք, սակայն՝ ոչ դէպի հարաւ: Քարթըր ընդգծած է, որ յառաջիկայ շաբաթ մտադիր է հանդիպում մը ունենալ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի հետ:

 

 

 



comments