By Asbarez | Thursday, 01 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ 31 Օգոստոսին ընդունելով Ճափոն–Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան լիկայի նախագահ Սէիշիրօ Էթոյի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, հաստատեց, որ Ճափոն առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Արեւելեան Ասիոյ երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ, եւ որ Հայաստան կը ձգտի համակողմանի ու փոխշահաւէտ գործակցութիւն զարգացնել բարեկամ Ճափոնի հետ:
Նախագահը յոյս յայտնեց, որ պատուիրակութեան այցելութիւնը նոր խթան պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու միջխորհրդարանական կապերու սերտացման՝ որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելով այդ ոլորտին մէջ հայ-ճափոնական համագործակցութիւնը:
Զրուցակիցները վերյիշեցին 2012 թուականին Հայաստանի նախագահին Ճափոն կատարած պաշտօնական այցելութիւնը, որ, ըստ բոլորին, նոր դուռ բացաւ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման եւ խորացման դիմաց:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ