By Asbarez | Friday, 02 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 1 Սեպտեմբերին ընդունած է Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան անդամ, երեսփոխան, Պելճիքա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլս Վան Հուֆի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահը կարեւոր նկատած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը միջ-պետական յարաբերութիւններու ամրապնդման առումով՝ ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ Պելճիքան աւանդաբար կ՛ընկալուի որպէս բարեկամ եւ վստահելի գործընկեր, որուն հետ յարաբերութիւնները հիմնուած են պատմական ջերմ կապերու, նոյնանման արժեհամակարգի եւ զարգացման համադրելի տեսլականին վրայ՝ յոյս յայտնելով, որ պելճիքացի խորհրդարանականներուն այցելութիւնը նոր խթան կը հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է երեսփոխաններուն այցելութիւնը Արցախ, ուր անոնք տեղւոյն վրայ պիտի ծանօթանան Լեռնային Ղարաբաղի հարցին էութեան ու աւելի լաւ կերպով պատկերացնեն արցախցիներուն ձգտումները, մտահոգութիւնները, առօրեան եւ անցած աւելի քան երկու տասնամեակի ձեռքբերումները:
Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Պելճիքայի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար՝ նշելով, որ հայ ժողովուրդը շատ բարձր կը գնահատէ այդ քայլը եւ զայն կ՛ընկալէ իբրեւ ցեղասպանութեան դատապարտման ու կանխարգիլման գծով Պելճիքայի վճռական յանձնառութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին երկուստեք կարեւոր նկատած են խորհրդարանական աշխոյժ կապերը եւ յատկապէս բարեկամութեան խումբի գործունէութիւնը՝ Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման ու խորացման առումով։
Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճորճ Տալմանը պարգեւատրած է <<Երախտագիտութեան մետալ>>ով՝ հայ-պելճիքական բարեկամական կապերու զարգացման, Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ խորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման առումով ներդրած նշանակալի աւանդին համար. ան 1988 թուականէն՝ աւերիչ երկրաշարժէն ետք իբրեւ բժիշկ օժանդակած է Հայաստանին։ Ճորճ Տալման մեծ պատիւ նկատած է նման բարձր պարգեւի արժանանալը՝ ընդգծելով, որ Հայաստան արդէն 28 տարիէ ի վեր իր սիրտին մէջ է, եւ այսօր ալ ինք պատրաստ է իր գործունէութեամբ օգտակար ըլլալու հայութեան եւ Հայաստանին։
Անկէ ետք պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ, որ դիտել տուած է, թէ ԵԽԽՎ նստաշրջանին պելճիքական պատուիրակութիւնը մեծապէս նեցուկ կանգնած է Հայաստանին՝ ատրպէյճանական լոպիականներուն կողմէ Ղարաբաղին վերաբերող միակողմանի եւ իրականութիւնը խեղաթիւրող բանաձեւերու քուէարկութեան ատեն:
Խորհրդարանի ղեկավարը կարեւոր նկատած է պելճիքացի երեսփոխաններուն Հայաստան, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղ այցելութիւնը։ <<Այդ այցերը չէզոքացնում են Արցախի տեղեկատուական մեկուսացուածութիւնը եւ լսելի են դարձնում Արցախի ժողովրդի ձայնը Եւրոպայում, ով պայքարում է իր ազատութեան, արդարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման համար>>, ըսած է Գալուստ Սահակեան:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին՝ խորհրդարանի նախագահը անդրադարձած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ նշած, որ Ատրպէյճան այդ օրերուն լայնածաւալ գործողութիւններով կոպտօրէն խախտած է զինադադարի պայմանագիրը, իբրեւ հետեւանք պատճառելով բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Այս պարունակին մէջ Ազգային ժողովի նախագահը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Խորհրդարանի ղեկավարին համաձայն՝ Հայաստան այս տագնապին լուծման միակ ուղին խաղաղութեան գործընթացը կը նկատէ։
Պելճիքա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլս Վան Հուֆ կարեւոր նկատած է այս խումբին գործունէութեան յաւելեալ աշխուժութիւն տալը, խորհրդարանականներուն միջեւ փորձառութեան փոխանակումը:
Կարեւոր նկատելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունումը՝ ան յայտնած է, որ պէտք է դատապարտել ցեղասպանութեան բոլոր ձեւերը՝ բացառելու համար անոնց կրկնութիւնը: Հուֆ՝ ղարաբաղեան տագնապին անդրադառնալով, կրկնած է Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի խօսքերը՝ թէ քառօրեայ պատերազմը 1994 թուականէն ետք ամէնէն դաժան ու ծանր զարգացումն էր։
Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան անդամը հաստատած է, որ իրենք կը հաւատան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն գործունէութեան՝ աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ բանակցային ուղիով՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով:
Ան աւելցուցած է, որ տագնապի լուծման համար պէտք է տեղի ունենայ քաղաքական երկխօսութիւն, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ ներդրում ունենալ հարցի լուծման առումով։
Նոյն օրը Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու տան պատգամաւորին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստան–Պելճիքա բարեկամական խումբի ղեկավար Շիրակ Թորոսեանի ընկերակցութեամբ, այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Պելճիքայի երեսփոխանները ծաղիկներ զետեղած են անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգած նահատակներուն յիշատակը: Ապա անոնք այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Ցեղասպանութեան մասին պատմող փաստաթուղթերուն եւ ցուցանմոյշներուն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ