By Asbarez | Sunday, 04 September 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարին ըսած է, որ կը շարունակէ զօրակցիլ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին, որ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան պատճառ դարձած է: Այդ տեղեկութիւնը բացայայտած է <<Ռոյթըրզ>> լրատու գործակալութիւնը:
Իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վոլքեր Քաուտեր կուսակցութեան անդամներուն փոխանցած է, թէ այս հարցով զրուցած է Մերքելի հետ, եւ թէ վարչապետը նշեալ դիրքորոշումը հաստատած է։ Քաուտեր նաեւ նշած է, որ թէեւ Մերքել Յունիս 2ին բանաձեւը վաւերացուցած խորհրդարանի նիստին ներկայ չէ եղած, սակայն աւելի կանուխ կայացուցած ներկուսակցական իր հանդիպման ընթացքին քուէարկած էր այդ նախագիծին ի նպաստ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, այս շաբաթ, գերմանացի օրէնսդիրներուն Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելել արտօնելու պայման իբրեւ պահանջած էր Պունտեսթակի բանաձեւէն Գերմանիոյ կառավարութեան հրաժարումը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ