Օպամայի եւ Փութինի միջեւ հանդիպումը Շինիչ կը համարուի

By Asbarez | Wednesday, 07 September 2016

0907Putin-Obama

ՀԱՆԿԺՈՒ, Չինաստան, <<Ռոյթըրզ>> - Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սեպտեմբեր 5ին Չինաստանի մէջ ունեցած են նախատեսուածէն աւելի երկար հանդիպում մը՝ քննարկելով Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման հարցը։ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է, որ երկու նախագահները շուրջ 90 վայրկեան տեւած <<շինիչ>> հանդիպման ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու, բռնարարքները նուազեցնելու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան հարցերը: Պաշտօնատարը յայտնած է, որ երկու նախագահները համաձայնութեան մը մանրամասնութիւնները չեն քննարկած, սակայն յառաջդիմութիւն արձանագրած են <<յամեցող բացերը>> յստակացնելու շուրջ, եւ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն թելադրած են այս շաբաթ կարելի եղածին չափով շուտ հանդիպիլ՝ համաձայնութեան մը շուրջ աշխատելու համար:

Օպամա-Փութին հանդիպումէն քանի մը ժամ առաջ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ունեցած են հանդիպում մը, սակայն երկու շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով անոնք ձախողած են Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնել:

Օպամա <<Քսանի խմբակ>>ի վեհաժողովին աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է. <<Ռուսերուն հետ բանակցութիւնները դժուար են՝ մեր երկիրներուն միջեւ վստահութեան բացին պատճառով>>: Ան ըսած է, որ Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատումը <<մեզ կարող պիտի դարձնէ <<Իսլամական պետութեան>> եւ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ կանգնելու>>, միաժամանակ պնդելով սակայն, թէ <<սուրիական վարչակազմը Հալէպը անկանոն ռմբակոծումի կ՛ենթարկէ>>: Օպամա նաեւ նշած է. <<Փութինի, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ Ուքրանիոյ հարցին շուրջ վճռական արդիւնքի չկրցանք հասնիլ։ Զինադուլի գործադրման ուղին դժուար բանակցութիւններու կը կարօտի>>:

Փութին իր կարգին յայտնած է, որ ինք համոզուած է, թէ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Ուաշինկթընի հետ Սուրիոյ շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ:

Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան եւս Չինաստանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Փութինի եւ Օպամայի հետ։ Թրքական մամուլը ընդգծեց, որ Օպամայի հետ տեսակցութեան երկու գլխաւոր նիւթերն էին Ֆեթհուլլահ Կիւլենը յանձնելու հարցն ու Սուրիոյ պարագան։ Օպամա կրկին գովասանքներ շռայլեց <<Իսլամական պետութեան>> ու այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ Թուրքիոյ կողմէ մղուած պայքարին կապակցութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերուած հիւրասիրութեան համար՝ աւելցնելով. <<Այս ծանր բեռը միայն Թուրքիոյ ուսերուն վրայ պէտք չէ մնայ>>։ Իր կարգին, Էրտողան դիտել տուաւ, թէ այս պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ Թուրքիոյ հարաւային սահմաններուն վրայ ահաբեկչական վտանգ չմնայ։

 

 



comments