By Asbarez | Wednesday, 07 September 2016

ՀԱԼԷՊ - <<Պի.Պի.Սի.>> հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է Հալէպ քաղաքի այն բաժիններուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ: Սուրիոյ Պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը յարձակում գործելով՝ վերատիրացած է քաղաքի հարաւը գտնուող այն երկու զինուորական վարժարաններուն, որոնք անցեալ ամիս գրաւուած էին զինեալ ընդդիմութեան կողմէ:
Մարդկային իրաւանց սուրիական կեդրոնը հաստատեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է նշեալ դիրքերուն՝ զինեալ ընդդիմութեան առջեւ քաղաքի հարաւային անցքերը փակելով։
<<Ճազիրա>> արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին նշեց, որ Սուրիոյ բանակը նաեւ իր վերահսկողութեան տակ առած է Ռամուսայի ճամբան, որ կ՛առաջնորդէ դէպի արեւելեան Հալէպի թաղամասերը տանող ճեղքը, այդպիսով՝ վերականգնելով ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող արեւելեան Հալէպի պաշարման օղակը:
Միւս կողմէ, վերջին քանի մը օրերուն, Սուրիոյ հիւսիսը սկսած է Թուրքիոյ զինուած ուժերուն կողմէ իրագործուող <<Եփրատի վահան>> անունով մկրտուած ներխուժումին երկրորդ փուլը, որուն ընթացքին թրքական բանակի հրասայլային նոր ստորաբաժանումներ մուտք գործած են Սուրիա: Թրքական ուժերուն աջակցութեամբ, <<Սուրիական ազատ բանակ>>ի ստորաբաժանումները յաջողած են վերահսկողութեան տակ առնել Թուրքիոյ սահմանակից Ազազ քաղաքէն մինչեւ Ճարապլոս՝ 90 քիլոմեթր տարածքը:
Նշենք նաեւ, որ Սեպտեմբեր 5ին, իրերայաջորդ ականահարումներ տեղի ունեցան Հոմսի, Դամասկոսի գիւղական շրջանի, Թարթուսի եւ Հասաքէի մէջ: Արձանագրուեցան 48 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ