Լեռնային Ղարաբաղի հարցին նուիրուած Մոնթեվիտէոյի խորհրդաժողովին ընթացքին որդեգրուած է հռչակագիր մը

By Asbarez | Wednesday, 07 September 2016

0907montevideo

ՄՈՆԹԵՎԻՏԻԷՕ - <<Փրենսա Արմենիա>> կը հաղորդէ, որ Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէոյի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին նուիրուած խորհրդաժողովին մասնակիցները որդեգրած են հռչակագիր մը, որուն մէջ կը հաստատեն տագնապի խաղաղ լուծման օգտին աշխատելու անհրաժեշտութիւնը:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է գործադրէ իր պատմական հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքը՝ առանց սպառնալիքներու եւ բռնութեան ենթարկուելու:

Ստորագրուած փաստաթուղթը կը պաշտպան է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդական ջանքերը, որոնք ուղղուած են տագնապին խաղաղ լուծման, եւ միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղէ քայլերու ձեռնարկելու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կեանքի կոչելու, պատերազմական հռետորաբանութիւնը դադրեցնելու ուղղութեամբ, որպէսզի տագնապը նոր զինեալ բախումներու չվերածուի:

Ուրուկուէյցի երեսփոխան Տա-նիէլ Ռատիօ հռչակագիրը կարդալէ ետք ըսած է. <<Մենք կ՛ուզենք, որ բոլորը գիտնան, որ Ուրուկուէյի մէջ, որ հազարաւոր քիլոմեթրներ հեռու է Լեռնային Ղարաբաղէն, կան մարդիկ, որոնք անտարբեր չեն այս հարցին նկատմամբ>>:

Ծերակուտական Ռաֆայէլ Միքելինի, իր կարգին, յայտարարած է, որ այն ինչ որ իրենք կ՛ընդունին խորհրդաժողովին փակումով, արդարութեան արարք է: Իրաւապաշտպան Օսքար Լոփես Կոլտարասենա ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը արդէն ինքնորոշուած է եւ ընտրած ազատ ու գերիշխան պետութեան իր բնորդը: Իսկ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Պելելա Հերերա յոյս յայտնած է, որ իրենց նախաձեռնութիւնը օրինակ դառնայ ամբողջ աշխարհին համար:

Ուրուկուէյի մայրաքաղաքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին նիւթով խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2 Սեպտեմբերին: Խորհրդաժողովին մասնակցած են օրէնսդիր մարմինի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ, գիտնականներ, իրաւապաշտպաններ: Խորհրդաժողովի մասնակիցներուն նպատակն է յառաջ մղել Ուրուկուէյի դիրքորոշումը Ատրպէյճանի եւ Լեռանային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջեւ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու հարցին մէջ:

 



comments