By Asbarez | Wednesday, 07 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Հայկական ազգային կինօակադեմիայի անդամներու փակ քուէարկութեամբ որոշուեցաւ Հայաստանի կողմէ <<Օսքար>>ի ներկայացնել Սարիկ Անդրէասեանի <<Երկրաշարժ>> ժապաւէնը: Միութեան 24 անդամները երկու փուլերու փակ քուէարկութեամբ որոշեցին, որ Հայաստանի կողմէ ո՛ր ժապաւէնը պիտի ներկայացուի <<Օսքար>>ի մրցանակաբաշխութեան <<Լաւագոյն օտարալեզու ֆիլմ>> բաժանմունքին։
Հայկական ազգային կինօակադեմիան ստացած էր դիմում երեք ժապաւէններու կողմէ՝ Դաւիթ Սաֆարեանի <<Տաք Երկիր, Ցուրտ Ձմեռ>>, Սարիկ Անդրէասեանի <<Երկրաշարժ>> ժապաւէնը եւ æիւան Աւետիսեանի <<Վերջին Բնակիչը>>:
Հայաստանի կինեմատոգրաֆիստների միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ բնականաբար լաւ պիտի ըլլար, եթէ քանի մը ժապաւէններ մասնակցէին շարժապատկերի փառատօներուն, ապա անոնք առաջադրուէին իբրեւ <<Օսքար>> մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդ ժապաւէն, ինչպէս հարեւան Վրաստանի պարագային, սակայն, ըստ անոր, <<ունենք այն, ինչ ունենք>>:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ