By Asbarez | Thursday, 08 September 2016

ԱՆԹԻԼԻԱՍ. Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016ին, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ սկսաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի 11րդ համաժողովը: Արամ Ա. կաթողիկոսի բնորոշումով՝ ներկայ հաւաքը պատմական կարելի է նկատել հետեւեալ պատճառներով.
ա) Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից այս օրերուն, շրջանի բոլոր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նշանակալից երեւոյթ մըն է:
բ) Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցիներու պատրիարքներ, պատուիրակութիւններու կողքին, ի-րենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն յիշեալ համաժողովին:
գ) Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, մեծ թիւով պատուիրակներ եւ հիւրեր մասնակից կը դառնան համաժողովին:
Համաժողովի առաջին նիստին, որուն նաեւ ներկայ գտնուեցան միջ եկեղեցական հիւրեր եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ պատրիարքները, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին եկեղեցիներու առաքելութեան եւ վկայութեան նոր մղում տալու հրամայականը՝ Միջին Արեւելքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը, որ ՄԱԵԽի նախագահներէն մէկն է, համաժողովին կարեւորութիւնը բնորոշեց երեք բառերով՝ փառաբանութիւն, արժեւորում եւ յանձնառութիւն: Վեհափառը իր պատգամին մէջ ըսաւ. Առաջին հերթին մենք Աստուծոյ փառք պէտք է տանք, որ հակառակ մեր՝ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած առկայ տագնապալից պայմաններուն, կրցանք միասին ըլլալ, մեր միասնականութիւնը արտայայտել, ինչպէս նաեւ մեր կատարած ծառայական առաքելութիւնը արժեւորել: Համաժողովը նաեւ առիթ է, անցնող տարիներու Խորհուրդին կատարած աշխատանքը լուսարձակի տակ բերելու, իրապաշտ արժեւորումը կատարելու եւ ապագայի գործնական ծրագիրներ մշակելու>> ընդգծեց վեհափառ հայրապետը:
Եւ վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ համաժողովը մարտահրաւէր մըն է ուղղուած բոլոր եկեղեցիներուն՝ վերանորոգելու աստուածատուր առաքելութեան իրենց յանձնառութիւնը:
Բացման նիստէն ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն, նշանակուեցան ենթայանձնախումբեր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան բոլոր անդամները նշանակուեցան յանձնախումբերու անդամներ: Ապա, ժողովը լսեց ընդհանուր քարտուղարին զեկոյցը եւ կատարեց քննարկումներ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ