By Asbarez | Thursday, 08 September 2016

ԵՐԵՒԱՆ - 2-3 Սեպտեմբեր լուսցող գիշերը ղարաբաղեան–ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է 30 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ սահմանապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 600 կրակոց:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ մահացու հրազէնային հարուած ստացած եւ նահատակուած է 1997ի ծնունդ Արայիկ Սամուէլի Օրդուբեկեանը: Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Արայիկ Օրդուբեկեանը յետմահու պարգեւատրուած է <<Մարտական ծառայութիւն>> մետալով:
<<Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարում է, որ հակառակորդի կողմից ձեռնարկուող նախայարձակ գործողութիւնների եւ դրանց հետեւանքների ողջ պատասխանատուութիւնը կրելու է ադրբեջանական կողմը>>, յայտարարած է մամլոյ ծառայութիւնը։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ