By Asbarez | Thursday, 08 September 2016
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Տիգրանակերտի դատախազութիւնը հաղորդեց, թէ Սեպտեմբեր 6ին հարցաքննութեան համար հրաւէր ուղղած է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշին ու կուսակցութեան Տիգրանակերտի երեսփոխան Նուրսել Այտողանին։
Ինչպէս յայտնի է, խորհրդարանը վերջերս ջնջեց զանազան երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը՝ ճամբայ բանալով <<ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու>> ամբաստանութեամբ նման հարցաքննութեանց առջեւ։
Տեմիրթաշ ըսաւ, որ ինք տակաւին հրաւէրը չէ ստացած, բայց եթէ հրաւէր ստանայ, ապա բացարձակապէս ընթացք պիտի չտայ անոր։ <<Բռնի ուժով թող տանին>>, նշեց ան ու աւելցուց, որ իրենց առարկութիւնը կը վերաբերի երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան ջնջումին, ինչ որ սահմանադրութեան դէմ առնուած քայլ մը նկատեց։
<<Երբ երեսփոխանական մեր շրջանը աւարտի, այն ատեն կ՛երթանք ու կը պատասխանենք հարցումներուն>>, ըսաւ Տեմիրթաշ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ