By Asbarez | Friday, 09 September 2016
ԱՆԹԻԼԻԱՍ - <<Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրը եղած է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ անոր մշակոյթին, քաղաքակրթութեան եւ պատմութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած է, միաժամանակ ան ազդեցութիւններ կրած է շրջանէն ներս տեղի ունեցած վերիվայրումներէն եւ զարգացումներէն>>, ըսաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) 11րդ համաժողովին ուղղած իր պատգամին ընթացքին, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 7ին:
Կաթողիկոսը, որպէս գլխաւոր դասախօսը յիշեալ համաժողովին, իր խօսքը սկսաւ երկու հաստատումներ կատարելով. <<Առաջին, քրիստոնէութիւնը անբաժան ու անբաժանելի մասը կը կազմէ Միջին Արեւելքին: Եկեղեցին անցեալի արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն թանգարանը չէ, այլ կենդանի ներկայութիւն՝ Միջին Արեւելքի ընկերութեան բոլոր բնագաւառներէն ներս: Երկրորդ, հակառակ իր դիմագրաւած տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն, քրիստոնէութիւնը վճռած է մնա՛լ շրջանէն ներս>>:
Ապա, ան յայտնեց, թէ ա՛յս է հաւաքական կեցուածքը Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիներուն, եւ այս կեցուածքը կը բաժնեն նաեւ մեր իսլամ դրացիներն ու համաքաղաքացիները:
Վեհափառ հայրապետը Միջին Արեւելքէն ներս ստեղծուած ներկայ կացութեան ընդհանուր վերլուծում մը կատարելէ ետք անդրադարձաւ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած տն-տեսական դժուարութիւններուն ու յատկապէս արտագաղթին, ապա հետեւեալ ութ կէտերը նկատեց որպէս առաջնահերթութիւն եկեղեցիներուն դիմաց.
Այս կէտերուն մասին կարճ անդրադարձ ունենալէ ետք կաթողիկոսը կարեւոր հարցադրում մը կատարեց՝ ըսելով. <<Ի՞նչ պիտի ըլլայ քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքէն ներս>>: Հպանցիկ ակնարկ մը նետելէ ետք այս ուղղութեամբ կատարուող թեր ու դէմ կարծիքներուն, թէ՛ Միջին Արեւելքէն եւ թէ Արեւմուտքէն ներս, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. <<Միջին Արեւելքի պատմութիւնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ յաճախ տագնապներով եւ բեւեռացումներով լեցուն եղած է շրջանը: Հակառակ այս իրողութեան, պատմական իրագործումներ արձանագրուած են շրջանէն ներս: Այսօր եւս, տագնապի մէջ է Միջին Արեւելքը եւ լուսարձակի տակ է միջազգային համայնքին կողմէ: Այս բացասական երեւոյթներուն առընթեր, նաեւ կան դրական զարգացումներ եւ արմատական փոփոխութիւններ: Քրիստոնէութիւնը շրջանէն ներս պէտք է շարունակէ մնա՛լ։ Սա ո՛չ միայն Արեւմուտքի եւ Արեւելքի եկեղեցիներուն կեցուածքն է, այլ նաեւ՝ իսլամ պետութիւններուն, հետեւաբար, ժամանակի նշանները պէտք է ճիշդ կարդալ եւ կատարուող զարգացումները ճիշդ գնահատել: Առանց քրիստոնէութեան՝ Միջին Արեւելքը կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը եւ իւրայատկութիւնը>>:
Վեհափառին պատգամը բարձրօրէն գնահատուեցաւ եւ յաջորդաբար խօսքեր արտասանուեցան հետեւեալ նիւթերուն շուրջ.
<<Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւն>> (նախարար Աքըլ Պիլթաժի, Յորդանանէն), <<Արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ յարաբերութիւնը (նախարար Նապիլա Մաքրամ Ապտըլ Շահիտ, Եգիպտոսէն) եւ <<ՄԱԵԽի վերակազմակերպումը>> (փրոֆ. Ֆատի Տաու):
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ