By Asbarez | Saturday, 10 September 2016

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) համաժողովը, բարձրօրէն գնահատելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներդրումը միջեկեղեցական շարժումին ընդհանրապէս եւ ՄԱԵԽին՝ մասնաւորապէս, զինք ընտրեց որպէս խորհուրդի պատուոյ նախագահ:
Խօսք առնելով՝ կաթողիկոսը գնահատեց համաժողովին աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ շեշտեց, թէ յանձնառու կը մնայ իր նպաստը բերելու միջեկեղեցական շարժումի զարգացման:
ՄԱԵԽի համաժողովը, շարունակելով իր աշխատանքները՝ կատարեց գործադիր վարչութեան ընտրութիւն: Համաժողովին մասնակցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան անդամներէն Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան ընտրուեցան գործադիր վարչութեան անդամներ, իսկ դոկտ. Ժան Սալմանեան՝ անձնափոխանորդ: Գործադիր վարչութիւնը յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին, մինչեւ յաջորդ համաժողով, պիտի ծրագրէ խորհուրդի աշխատանքները՝ փորձելով իրագործել համաժողովէն բխած առաջարկները:
Գործադիր վարչութիւնը կը կազմուի եկեղեցական չորս ընտանիքներու (Ուղղափառ՝ Ոչ-քաղկեդոնական, Արեւելեան Ուղղափառ, Աւետարանական եւ Կաթոլիկ) քսանչորս ներկայացուցիչներէ: Նշենք, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ՄԱԵԽի կազմութենէն ի վեր (1974) գործօն մասնակցութիւն կը բերէ խորհուրդի աշխատանքներուն:
Վերջապէս, համաժողովը յառաջիկայ չորս տարիներուն համար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին ընտրեց հայր Միշել Ժալըխը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ