Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացուցին

By Asbarez | Tuesday, 13 September 2016

 

0913Kerry_Lavrov

ԺԸՆԵՒ, <<Ռոյթըրզ>> - Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն Շաբաթ, Սեպտեմբեր 10ի առաւօտեան, Սուրիոյ շուրջ գոյացուցին համաձայնութիւն մը, որ կը բաղկանայ շարք մը կէտերէ, որոնց մէջ կարեւորագոյնն է Սեպտեմբեր 12ին սկիզբ առնող փորձառական զինադուլը, որմէ ետք բոլոր կողմերը պիտի հեռանան Հալէպի հիւսիսային կողմը գտնուող Քասթելօ ճամբայէն. համաձայնութիւնը նաեւ կ՛երաշխաւորէ Հալէպի հարաւը եւ արեւմուտքը բախումներու դադրեցումը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի եւ անոր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրով յայտարարեցին, թէ սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը համաձայն գտնուած են Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ գոյացած <<աշխատանքային ծրագիր>>ին:

Քերի յայտարարեց, որ այս համաձայնութեան հիմամբ, ո՛չ սուրիական վարչակարգին, ո՛չ ալ ընդդիմութեան պիտի արտօնուի Հալէպի մէջ յարձակումներ շղթայազերծել, եւ պիտի ստեղծուի <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան ու <<Քայիտա>>ի առնչակից խմբաւորումներուն, գլխաւորութեամբ՝ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի, դէմ պայքարի ռուս-ամերիկեան համակարգումի կեդրոն մը:

<<Համաձայնութիւնը յաջողութիւն չի նշանակեր, սակայն այս անգամ Սուրիոյ մէջ տարբեր կացութիւն մը կը հաստատենք>>, ըսաւ Քերի: Ան չափաւորական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց ինքզինք անջատելու ահաբեկչական խմբաւորումներէն:

Սուրիական զինեալ ընդդիմութեան խմբաւորումները ընդունած են զինադուլի հաստատման ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը: Սակայն, Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող <<Ահրար Շամ>> խմբաւորման բանբեր Ահմետ Քարահալի հերքեց, թէ իր խմբաւորումը ընդունած է համաձայնութիւնը, յայտնելով, որ կեցուածքի մը ճշդման ուղղութեամբ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին տակաւին: Ան նշեց, որ համաձայնութիւնը կը զօրացնէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը, եւ աւելցուց, որ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ն տարբեր ճակատներու վրայ կը գտնուի զինեալ ընդդիմադիրներուն կողքին, եւ զանոնք իրարմէ կարելի չէ անջատել:

Հալէպի մէջ <<Ճապհաթ Նուսրա>>ի առնչակից զինեալ խմբաւորումները, հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտարարեցին, թէ իրենք կը մերժեն ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը, նշելով. <<Այս զինադուլը դահիճն ու զոհը նոյն նժարին վրայ կը դնէ, եւ աւելի շատ կատարուած իրողութեան մը պարտադրումն է, քան՝ զինադուլ>>:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա ողջունեց համաձայնութիւնը, զոր նկատեց <<Սուրիոյ մէջ լուծումի մը հասնելու առի>>չ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան իր կարգին ողջունեց սուրիական ճգնաժամին շուրջ ձեռք բերուած Քերի-Լաւրով համաձայնութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ կողմերը կը պահպանեն զինադուլը, որ կրնայ հիմք հանդիսանալ սուրիական ճգնաժամի խաղաղ լուծման շուրջ համապարփակ բանակցութիւններու:

Իրան եւս ողջունեց ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը եւ կոչ ուղղեց հաստատելու հսկողութեան համակարգ մը՝ <<ահաբեկիչներու կողմէ այս զինադուլի շահագործումէն զգուշանալու համար>>:

 

 



comments