Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը Պաքու կը կանչուի

By Asbarez | Tuesday, 13 September 2016

 

 

0913Elin-Suleymanov

ԵՐԵՒԱՆ - Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սիւլէյմանով խորհրդակցութիւններու համար կանչուած է Պաքու. այս մասին կը հաղորդէ <<Արմէնփրէս>>, իր տեղեկութիւնները՝ քաղելով ատրպէյճանական <<Հաքքին>> լրատուական կայքէն:

Դեսպանին տուն կանչուիլը համընկնած է Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան, որուն պատճառը ամերիկեան ազդեցիկ <<Ուաշինկթըն Փոս>>չ թերթին մէջ լոյս տեսած  յօդուած մըն է:

Յօդուածի հեղինակները՝ Միացեալ Նահանգներու <<ՄըքՔէյն>> միջազգային ղեկավարման հիմնարկի մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան գծով տնօրէն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի նախկին տեղակալ Տէյվիտ Քրէյմըր եւ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, իսկ ներկայիս՝ <<Ճորճ Մէյսըն>> համալսարանի դասախօս Ռիչըրտ Քոզլարիչ, խստօրէն քննադատած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման՝ պահանջելով Պաքուի դէմ <<յստակ քայլերու դիմել>>, եւ կոչ ընելով Ուաշինկթընին, որ տուն կանչէ Ատրպէյճանի մօտ իր դեսպանը:

Հեղինակները գրած են, որ մինչ անցեալին Միացեալ Նահանգներ մարդկային  իրաւունքները ոտնահարող Ատրպէյճանի իշխանաւորներուն դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու նախաձեռնութիւններ կատարած է, այսօր սակայն Պաքուի նկատմամբ նոյն խստապահանջութիւնը չի տեսնուիր։ Անոնք կը յիշեցնեն, թէ Օպամա կարիքը չունի օրէնսդրական քայլի մը, այլ այդ պատժամիջոցները կրնայ գործադրել նաեւ մեկնելով իր ունեցած նախագահական լիազօրութիւններէն:

Յօդուածին մէջ նաեւ կ՛առաջարկուի չօժանդակել Ատրպէյճանին, որ ներկայիս, շարունակ վատթարացող իր տնտեսութիւնը փրկելու համար, Միջազգային դրամական հիմնադրամին եւ Համաշխարհային դրամատան դիմած է՝ վարկեր ստանալու պահանջով:

Հեղինակներուն կարծիքով, այնքան ատեն, որ Ատրպէյճան ազատ չէ արձակած իր բոլոր քաղաքական բանտարկեալները եւ չէ դադրեցուցած պետական լրատուամիջոցներուն կողմէ հակաամերիկեան հռետորաբանութիւնը, Միացեալ Նահանգներ պէտք է երկարաժամկէտ խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչէ Ատրպէյճանի մօտ իր դեսպանը:

 



comments