By Asbarez | Wednesday, 14 September 2016

«Մեր օրերուն, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կատարուող ցեղասպանութիւնները կը հրահրուին 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ու Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դէմ ցեղասպանութիւն գործած եւ անպատիժ մնացած Օսմանեան թուրք կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս։
Համաժողովի մասնակիցները ժողովի փակման յայտարարութեան մէջ յատուկ տեղ տուին հայ ժողովուրդին եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դէմ 100 տարի առաջ գործադրուած ցեղասպանութեանց։
«Համաժողովը բացարձակապէս կը մերժէ ամէն տեսակի ծայրայեղականութիւն, ահաբեկչութիւն ու ժխտողականութիւն եւ կը դատապարտէ Օսմանեան թուրք կայսրութեան կողմէ հայ, ասորի, քաղդէացի ու յոյն ժողովուրդներուն եւ լեռնալիբանանի քրիստոնէութեան դէմ գործադրուած 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը, անոնց իրենց պապերու հողերէն արմատախիլ ընելն ու տեղահանումը: Համաժողովը կը հաստատէ խաղաղ համակեցութեան կարելիութիւններու ստեղծման կարեւորութիւնը եւ գաղթականներու տուն դարձի ապահովման անհրաժեշտութիւնը: Համաժողովը կ՛առաջարկէ, որ նորընտիր գործադիր վարչութիւնը հոգեւոր պետերէ կազմուած պատուիրակութիւն մը կազմէ, որպէսզի ան քրիստոնեայ թէ իսլամ կրօնական կարեւոր կեդրոններ, ինչպէս նաեւ միջազգային քաղաքականութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցող պետութիւններ այցելէ, բացատրելու համար Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վիճակը, եւ փորձ կատարէ մնայուն լուծումներ գտնելու», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ