By Asbarez | Wednesday, 14 September 2016

ԹՈՐՈՆԹՕ - Կիրակի, Սեպտեմբեր 11ին, Թորոնթոյի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող <<Խոստումը>> (<<The Promise>>) ֆիլմի համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան։
Ըստ <<Տը Ռեփ>> կայքին՝ ֆիլմին բեմադրութիւնը ստանձնած Թերի Ճորճ այս ֆիլմով քայլ մը եւս առաջ գացած է իր ստեղծագործական վերելքին մէջ։ Նշենք, որ <<Օսքար>> մրցանակի արժանացած բեմադրիչին նախկին գործերէն են՝ <<Հոթել Ռուանտա>>ն եւ <<Ին Տը Նէյմ Աֆ Տը Ֆատըր>>ը:
Կայքը նաեւ դրուատած է գլխաւոր դերակատարներ Քրիսչըն Պէյլի եւ Օսքար Այզըքի կատարումները, ինչպէս նաեւ կարող եւ վայելուչ որակած է համեմատաբար նորեկ Շարլոթ Լը Պոնի դերակատարութիւնը:
Գըրգ Գըրգորեանի հիմնած <<Սըրվայվըլ Փիքչըրզ>> (<<Վերապրումի Ֆիլմեր>>) անունով ընկերութեան առաջին ձեռնարկը հանդիսացող սոյն շարժապատկերը կը ներկայացնէ սիրոյ եռանկիւնի մը իւրայատուկ պատմութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ