Գերմանական Շփիկըլ թերթը կը քննադատէ Թուրքիան

By Asbarez | Thursday, 15 September 2016

0914erdo spigel

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Գերմանական հանրածանօթ <<Շփիկըլ>> թերթը Թուրքիոյ նուիրուած յատուկ թիւ մը հրատարակած է. այս մասին կը հաղորդէ թրքական <<Մեմուրլար>> լրատուական կայքը, որ կ՛աւելցնէ, թէ սոյն թիւին բովանդակութիւնը հակաթրքական բնոյթ ունի:

Թերթի կողքին վրայ տեղ գտած են Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի լուսանկարը եւ թրքական դրօշակը, ինչպէս նաեւ մզկիթի մը պատկերը, որուն աշտարակներուն (մինարէ) մէկ մասը պատկերուած է հրթիռներու տեսքով։ Թրքական կայքը գրած է, թէ այս նկարը կը խորհրդանշէ <<իսլամականութեան վերելքը>>: Շատ հաւանաբար, երգիծանկարի հեղինակները մինարէները հրթիռացուցած են՝ լուսարձակի տակ առնելու համար իր կամքը պարտադրելու նպատակով նոյնիսկ ռազմական քայլերու դիմելու Էրտողանի մարմաջը։

Կողքին վրայ գրուած է նաեւ՝ <<Երկիր, որ կը կորսնցնէ իր ազատութիւնը>> գրութիւնը: Անոր մէջ կան գլխաւոր հետեւեալ յօդուածները՝ <<Բռնապետ. Էրտողանի Քաղաքականութիւնը Յեղաշրջումէն Ետք>>, <<Քիւրտեր. Պայքար Սեփական Երկիրի Համար>> եւ <<Ցուլում. Գերմանիոյ Թուրքերուն Վախը>>:

 



comments