ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց բարձրագոյն յանձնակատարը կը քննադատէ Թուրքիան

By Asbarez | Thursday, 15 September 2016

 

0915UN Trk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - ՄԱԿի մարդկային իրաւունքներու բարձրագոյն յանձնակատար Զէյտ Ռաատ Հիւսէյն դարձեալ քննադատած է Թուրքիան, այս անգամ՝ ՄԱԿի միջազգային դիտորդներու գործունէութիւնը խոչընդոտելուն համար:

Գերմանական <<Տէօչէ Վելլէ>>ի թրքական ծառայութեան համաձայն՝ Ժընեւի մէջ ելոյթ ունեցած Հիւսէյն նշած է, որ Թուրքիոյ մէջ կամայական ձերբակալութիւններ կը կատարուին, քաղաքացիներ բռնի տեղահանութեան կ՛ենթարկուին, իսկ երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններու քրտական բնակավայրերը ուղղակի կը քանդուին:

Ան աւելցուցած է, որ Անգարան արտօնութիւն չի տար ՄԱԿի դիտորդներուն, որ վերոնշեալ հարցերուն վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ կատարեն:

 



comments