By Asbarez | Thursday, 15 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Աւստրիոյ նախագահութեան թեկնածու Ալեքսանտր Վան տեր Պելեն, Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարած է:
Արդարեւ, թրքական <<Հիւրրիյէթ>> թերթը գրած է, թէ տեր Պելեն իր ընտրապայքարի մէկ հաւաքին ընթացքին նշած է, որ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւնները պէտք է շարունակել, սակայն այս պահուն, Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան մասին խօսիլը ժամանակի վատնում է:
<<Իմ նախագահութեան ընթացքին, այս անդամակցութիւնը հաստատ տեղի պիտի չունենայ>>, ընդգծած է ան:
Նշենք, որ Աւստրիոյ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Դեկտեմբեր 4ին: Գլխաւոր թեկնածուներն են՝ Ազատութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ Նորպերթ Հոֆեր եւ <<Կանաչներ>>ու անդամ, սակայն իբրեւ անկախ ներկայացող Ալեքսանտր Վան տեր Պելեն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ