Դիտարկում՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գիծին մէջ

By Asbarez | Thursday, 15 September 2016

0915osce

ԵՐԵՒԱՆ - 14 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ ծրագրաւորուած դիտարկում կատարած է՝ Ֆիզուլիի շրջանի Կարախանպէյլի բնակավայրի արեւելեան ուղղութեամբ:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը կատարած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի  անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիք, անոր դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեթրիքա (Մոլտովիա) եւ Խրիսթօ Խրիսթով (Պուլկարիա):

Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկումը կատարած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Իրժի Ապերլէ (Չեխիա), ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փեթեր Սվետպըրկ (Շուէտ) եւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմոն Թիլեր (Բրիտանիա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին, կրակի դադրեցման դրութեան խախտումներ չեն արձանագրուած:

Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ընկերակցած են Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

 



comments