Չաւուշօղլու Քերիի հետ քննած է դեսպան Պեսի հետ իր տարակարծութիւնը

By Asbarez | Friday, 16 September 2016

 

 

0916chavush kerri

ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>> - Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու հեռաձայնով քննարկած են վերջինիս եւ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Պեսի միջեւ ստեղծուած լարուած իրավիճակը: Արդարեւ, Չաւուշօղլու իր մտահոգութիւնը յայտնած է Պեսի կատարած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ եւ ընդգծած, որ դեսպանը կը գործէ իր լիազօրութիւններէն դուրս:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը իր մտահոգութիւնը յայտնած էր երկրի տարբեր նահանգներու եւ քաղաքներու մէջ ընտրեալ պաշտօնատարներ գործէ հեռացնելու եւ անոնց փոխարէն պետական վերահսկիչ յանձնախումբեր հաստատելու կառավարութեան որոշումին վերաբերեալ։

Անթալիոյ մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ ոչ ոք կրնայ իրենց թելադրել, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն: <<Ձեր դեսպանները թող չվարուին նահանգապետներու պէս: Թող իրենց գործերով զբաղին: Թող իւրաքանչիւրը գիտնայ իր իրաւունքներուն չափը>>, ըսած էր Չաւուշօղլու:

 



comments