Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելեցին Արցախ

By Asbarez | Friday, 16 September 2016



ԵՐԵՒԱՆ -15 Սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան ընդունած է <<Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ>> կազմակերպութեան տնօրէն Տիոկօ Փինթօն եւ գլխաւոր քարտուղար Յովհաննէս Գրիգորեանը:

Կարէն Միրզոյեան ողջունած է <<Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ>>ու ներկայացուցիչներուն Արցախ այցելութիւնը եւ բարձր գնահատած կազմակերպութեան հետեւողական գործունէութիւնը՝ եւրոպական հանրութեան իրազեկուածութեան բարձրացման, Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներուն վերաբերեալ:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են այդ ուղղութեամբ համագործակցութեան ընդլայնման կարելիութիւններուն եւ հեռանկարներուն առնչութեամբ:

 

comments