By Asbarez | Tuesday, 20 September 2016

ԼՈՆՏՈՆ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>>- Բրիտանիոյ իշխանութիւնները Սեպտեմբեր 19ին յայտարարեցին, թէ բրիտանական ուժեր եւս մասնակցած են անցեալ Շաբաթ օր Ամերիկայի գլխաւորած դաշինքին կողմէ սուրիական բանակին վրայ սխալմամբ տեղի ունեցած յարձակումին, որ Մոսկուա-Ուաշինկթըն բանավէճ յառաջացուց։
Ռուսական բանակը հաղորդեց, որ առնուազն 62 սուրիացի զինուորներ սպաննուած են եւ 100 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ ամերիկեան օդուժը ռմբակոծած է Տէր Զօրէն հարաւ գտնուող Սարտա լերան վրայ սուրիական բանակի դիրքերը: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը աւելի ուշ հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացած է 90ի:
Ամերիկեան օդային հարուածէն անմիջապէս ետք, <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներ, յարձակում գործելով՝ գրաւեցին լերան վրայ գտնուող այդ դիրքերը: Ըստ <<Ռաշա Թուտէյ>>ի՝ <<Իսլամական պետութիւն>>ը իր յարձակումը շղթայազերծած է ամերիկեան օդային հարուածէն միայն 7 վայրկեան ետք:
ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտնեց, որ յարձակումը զինադադարի ապագան առած է <<մեծ հարցականի տակ>>:
Օդային հարուածը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ բուռն բանավէճ յառաջացուց Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, որոնց դեսպանները, մերժելով իրարու խօսք լսել՝ լքեցին ժողովասրահը:
Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր քննադատեց Ռուսիան խորհուրդի արտակարգ նիստ մը հրաւիրելուն համար՝ այդ քայլը նկատելով <<ցուցադրական եւ կեղծաւոր>>: Սակայն Չուրքին ըսաւ, որ Սուրիոյ շուրջ ռուս-ամերիկեան համաձայնութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ դէպքին նկատմամբ Ուաշինկթընի վերաբերումէն: <<Եթէ դեսպան Փաուըրի այսօր կատարածը ցուցանիշ մըն է անոնց հաւանական հակազդեցութեան, ապա մենք լուրջ խնդիր պիտի դիմագրաւենք>>, ըսաւ ան:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը պատճառաբանեց՝ ըսելով, որ դաշինքի ուժերը կը կարծէին, թէ <<Իսլամական պետութեան>> դիրքեր կը ռմբակոծեն, եւ յարձակումը անմիջապէս դադրեցուցած են, երբ ռուս պաշտօնատարներ զգուշացուցած են զիրենք:
Օդային հարուածին մասնակից էին նաեւ աւստրալիական օդանաւեր: Աւստրալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց սպաննուած ու վիրաւորուած սուրիացի զինուորներու ընտանիքներուն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, թէ յարձակումը ցոյց կու տայ, որ <<Սպիտակ տունը կը պաշտպանէ <<Իսլամական պետութիւն>>ը>>, իսկ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ յարձակումը <<ծրագրուած եւ դիտաւորեա՛լ էր>>, ինչպէս նաեւ՝ համակարգուած <<Իսլամական պետութեան>> եւ ամերիկեան ուժերուն միջեւ>>:
Իրան եւս յայտնեց, որ ամերիկեան հարուածը կը վտանգէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած զինադադարը, եւ ահաբեկչական խմբաւորումները զօրացնելու ենթահող կը պատրաստէ, աւելցնելով, որ ամերիկեան օդային հարուածին ու <<Իսլամական պետութեան>> շղթայազերծած յարձակումին համընկնումը ահաբեկչական այդ խմբաւորման ամերիկեան աջակցութեան փաստ մըն է:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ