Նախարար Նալբանդեան` ՄԱԿ-ի ամպիոնէն - Հայաստանը խորապէս մտահոգ է միջին արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակով

By Aztag Daily | Wednesday, 21 September 2016

Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան 19 սեպտեմբերին նախագահեց գաղթականներու եւ արտերկրի մէջ աշխատողներու հիմնախնդիրներուն նուիրուած ՄԱԿ-ի վեհաժողովի առաջին նիստին:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց նման բարձր մակարդակով հանդիպման կայացումը, որ փաստ է ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ առկայ հարցերուն լուծում գտնելու հաստատակամութեան:

<<Արդէն երեք տասնամեակ է, որ Հայաստանի առջեւ ծառացած են գաղթականներու ընդունման հետ կապուած մարտահրաւէրները: 1980-ականներու վերջին եւ 1990-ականներու սկիզբը հայերը Ազրպէյճանի կողմէ ցեղային զտումներու ենթարկուած են, արտաքսուած են իրենց բնակութեան վայրերէն եւ ապաստան գտած Հայաստանի մէջ: Այս տարուան ապրիլ ամսուան սկիզբը Ազրպէյճան կրկին լայնածաւալ յարձակումներ սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ, ինչ որ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ կորուստներ եւ տեղահանութիւն պատճառեց>>, ըսաւ ան:

Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց տագնապներու եւ ճգնաժամային իրավիճակներու կանխարգիլման, տագնապներու խաղաղ լուծման եւ մնայուն լուծման միջոցով տեղահանութիւններու հիմնական դրդապատճառներուն լուծում գտնելը: Ան շեշտը դրաւ հաւասար, արագ եւ անխափան միջազգային մարդասիրական աջակցութեան տրամադրման կարեւորութեան վրայ` գաղթական եւ տեղահանուած անձերուն աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ, անկախ անոնց ներկայ քաղաքական կարգավիճակէն:

<<Հայաստանը խորապէս մտահոգ է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող իրավիճակով: Բազմաթիւ անգամներ Հայաստանը դատապարտած է ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուած յանցագործութիւնները, որոնք սպառնալիք կը ներկայացնեն ինչպէս շրջանին համար, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս: Պատերազմը Սուրիոյ մէջ աւերիչ ազդեցութիւն ունի անոր քաղաքացիական բնակչութեան, ներառեալ` ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար, որոնք գոյատեւման պայքար կը  մղեն` ահաբեկիչներու եւ օտար վարձկաններու կողմէ իրականացուող ազգային հողի վրայ յանցագործութիւնները դիմագրաւելու համար>>, ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան:

Ան ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ բռնութիւնը չէ շրջանցած նաեւ սուրիահայութիւնը: <<Այսօր հազարաւոր հայեր Միջին Արեւելքի միւս ժողովուրդներուն հետ միասին նորէն հարկադրուած են ձգելու իրենց բնակութեան վայրերը: Միայն Սուրիայէն աւելի քան 20 հազար հայորդիներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ: Բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ այս ցուցանիշով Հայաստանը երրորդն է Եւրոպայի մէջ` Սուրիայէն գաղթականներ ընդունող երկիրներու շարքին: Այսպիսով, Հայաստանը իր փորձով գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ գաղթական եւ ապաստան տալ տեղահանուածներուն>>, ըսաւ նախարարի պաշտօնակատարը: Ան ներկայացուց Հայաստանի մէջ սուրիահայութեան տրամադրուող աջակցութիւնները, ապաստանի հայցման, կեցութեան թոյլտուութեան եւ քաղաքացիութեան շնորհման դիւրացուած ընթացակարգերը` հաստատելով, որ Հայաստան յանձնառու է առաւելագոյնս նպաստել Սուրիոյ գաղթականներուն լուծելու իրենց առջեւ ծառացած խնդիրները: <<Սակայն որեւէ պետութիւն ի վիճակի չէ մինակը ատիկա ընելու: Համոզուած ենք, որ աւելի լայն միջազգային համագործակցութիւն անհրաժեշտ է` ընդունող պետութիւններուն աջակցելու համար: Այս առումով, կ՛ողջունենք Գաղթականներու եւ արտերկրի մէջ աշխատողներու մասին Նիւ Եորքի հռչակագիրին ընդունումը եւ վստահ ենք, որ մեր հաւաքական յանձնառութիւններուն աւելի արդիւնաւէտ իրագործումը կրնայ իրապէս շահեկան ըլլալ գաղթականներուն համար>>, իր խօսքը եզրափակեց Էդուարդ Նալբանդեան:

Ժողովին զուգահեռ, նախարարի պաշտօնակատարը հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի եւ Քանատայի իր պաշտօնակիցներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերի հետ:

 


comments

Advertisement