By Asbarez | Tuesday, 20 September 2016
ՓԱՐԻԶ, <<Յառաջ>> - Քանի մը ամիս առաջ, Ֆրանսայի խորհրդարանական յատուկ յանձնաժողով մը, ընդառաջելով կառավարութեան մէկ բանաձեւին՝ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ժխտումը պատժելի դարձնող յաւելում մը կատարած էր Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան օրէնքին մէջ: Սակայն, Ծերակոյտի Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան յատուկ յանձնաժողովը որոշած է օրէնքի փոփոխութենէն զեղչել այդ յօդուածը, որուն հետեւանքով օրինագիծը, ըստ ֆրանսական Սահմանադրութեան՝ դարձեալ խորհրդարան պիտի ղրկուի քննարկուելու համար:
Այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) ցաւ կը յայտնէ՝ ըսելով, թէ մինչ երկիրը անխնայ պայքար կը մղէ ահաբեկչութեան, խաւարամտութեան եւ դաւադրութիւններու դէմ, այդ յօդուածը խիստ եւ յստակ պատգամ մըն էր անտեղիտալի կեցուածք ցուցաբերելու եւ ժխտողականութեան քարոզչութիւնները օրինազանց հռչակելու առումով:
Հաղորդագրութեան աւարտին, CCAF կասկած կը յայտնէ, թէ այս որոշումը հետեւանք է Անգարայի ճնշումներուն եւ կոչ կ՛ընէ Ծերակոյտին, որ օրէնքի քննարկման ընթացքին վերահաստատէ կառավարութեան նշեալ բանաձեւը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ