Քիմ Քարտաշեան Նիւ Եորք Թայմզ-ի մէջ կը դատապարտէ ցեղասպանութեան ուրացումը

By Asbarez | Tuesday, 20 September 2016

0921NYT Kardashain

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17ին, ամերիկեան հեղինակաւոր <<Նիւ Եորք Թայմզ>> օրաթերթին մէջ լոյս տեսած մէկ էջնոց ծանուցումի մը ճամբով, Քիմ Քարտաշեան խստօրէն քննադատած է <<Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ>>ի մէջ լոյս տեսած ծանուցում մը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանար։

Իր <<Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացումը Անթոյլատրելի՛ Է>> խորագրուած յօդուածին մէջ, Քարտաշեան գրած է հետեւեալը. <<Ես ու իմ ընտանիքը քաջածանօթ ենք այն յիմարութիւններուն, որոնք մամուլի մէջ կը գրուին հայերուն մասին։ Բայց երբ տեղեկացայ, որ <<Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ>>ը անպատասխանատու կերպով հրատարակած է նման յօդուած մը, չկրցայ անտարբեր մնալ։ Այդ սուտերը կրնան լաւ խորագիրներու վերածուիլ, իսկ լաւ խորագիրները՝ լաւ վաճառքի կրնան առաջնորդել։ Շատ տխուր է, որ <<Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ>>ը նման բան կը տպագրէ, քանի որ նման յօդուած մը կրնար միայն փողոցային թերթ մը տպագրել։ Մենք կը յիշե՛նք, մենք պէ՛տք է խօսինք այդ մասին, մինչեւ որ Ամերիկայի կառավարութիւնն ալ ճանչնայ զայն։ Ուրանալով անցեալը՝ մենք վտանգի տակ կը դնենք ապագան, մենք մեզ կը լռեցնենք դրամով ու վախով եւ երեխաներուն կը սորվեցնենք, որ ճշմարտութիւնը յարաբերական է։ Մենք պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնենք այն բանին, զոր կը սորվեցնենք մեր երեխաներուն։ Մենք պէտք է յարգենք պատմական ճշմարտութիւնները, այդպէ՛ս է, որ պաշտպանած պիտի ըլլանք մեր ապագան>>։

Նշենք, որ օրին, <<Նիւ Եորք Թայմզ>> եւ այլ թերթեր մերժած էին տպել թրքական ապաքարոզչական մեքենային ծանուցումները, սակայն դրամատիրութեան պաշտպան մը հանդիսացող <<Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ>>ը տեղի տուած էր դրամին դիմաց։

 

 

 



comments