Զինադադարը աւարտած է. Սուրիական Բանակ

By Asbarez | Tuesday, 20 September 2016

 

0921syr2

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիական բանակը յայտարարեց, որ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի գոյացուցած մէկշաբաթեայ զինադադարը վերջ գտած է Սեպտեմբեր 19ին, առանց խօսելու զայն երկարաձգելու մասին։ Բանակը դիտել տուաւ, որ ահաբեկչական խմբաւորումները զինադադարի դրութիւնը օգտագործելով՝ իրենց շարքերը խտացուցած են եւ տարբեր տեսակի զէնք ու զինամթերք ամբարած, որպէսզի շարունակեն իրենց յարձակումները:

Ըստ սուրիական բանակին՝ զինադադարի շրջանին իսկ ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումները կ՛ապացուցեն, որ այս խմբաւորումներուն ետին կան միջազգային եւ շրջանային կողմեր, միաժամանակ հաստատելով, որ բանակը իր ազգային պարտականութիւնը պիտի շարունակէ կատարել իր հողին վրայ՝ պայքարելով ահաբեկչութեան դէմ, որպէսզի սուրիական հողերուն վրայ վերահաստատուին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը զայրոյթ արտայայտեց Հալէպի մօտերը տեղի ունեցած մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կառաւանի մը ռմբակոծման առթիւ: Սեպտեմբեր 20ին, Դամասկոս յայտարարեց, թէ այդ յարձակումը սուրիական բանակին վերագրելու մասին կարգ մը լրատուամիջոցներու ամբաստանութիւնները ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ։

Նաեւ, ամերիկեան բանակի Միացեալ հրամանատարութեան սպայակոյտի պետ Ճոզէֆ Տանֆորտ կոչ ըրաւ հետաքննութիւն կատարելու, իմանալու համար, թէ Տէր Զօրի հարաւը տեղի ունեցած ամերիկեան օդուժին կողմէ Սուրիոյ բանակի դիրքերուն ռմբակոծումը իրապէ՞ս սխալ մըն էր:

Վերջապէս, ռուսական <<Սփութնիք>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական մարտանաւերէ արձակուած հրթիռներ հարուածած են Հալէպ նահանգին մէջ կեդրոն մը, ուր կային ամերիկացի, թուրք, սէուտցի, քաթարցի, բրիտանացի եւ իսրայէլեան <<Մոսատ>>էն 30 սպաներ: Այս միջադէպին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։

 



comments