Հոլանտ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ հիւրընկալելու Արցախի տագնապի լուծման յաջորդ հանդիպումը

By Asbarez | Friday, 23 September 2016

0923Hollande-Sarkissian-Aliyev

ԵՐԵՒԱՆ - <<Արմէնփրէս>> կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25ամեակին առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր ուղղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է, որ ինք պատրաստ է Փարիզի մէջ հիւրընկալելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած բարձր մակարդակի հանդիպումը:

<<Թոյլ տուէք վերահաստատելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի արդար եւ կայուն լուծման ուղղուած իմ յանձնառութիւնս: Ինչպէս Յուլիս 9ին Վարշաւիոյ մէջ մեր հանդիպման ժամանակ առիթը ունեցայ ձեզի ըսելու, պատրաստակամ եմ Փարիզի մէջ հիւրընկալելու յաջորդ հանդիպումը՝ ընթացքի մէջ գտնուող հոլովոյթը միաւորելու եւ չափազանց երկարատեւ այս տագնապի լուծման յառաջխաղացման միջոցառումները քննարկելու համար>>, ըսուած է Ֆրանսայի նախագահի ուղերձին մէջ:

 



comments

Advertisement