Ասատ զինադադարի ձախողութեան պատասխանատուն կը համարէ Ուաշինկթընը

By Asbarez | Friday, 23 September 2016

0923Syria

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Էյ.Փի.>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սեպտեմբեր 22ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ հաստատուած զինադադարին ձախողութեան պատասխանատուն Ուաշինկթընն է՝ պնդելով, որ սուրիական ուժերուն վրայ տեղի ունեցած ամերիկեան յարձակումը դիտումնաւոր էր։

Ասատ նաեւ անհիմն համարեց այն ամբաստանութիւնները, թէ սուրիական կամ ռուսական ուժերը այս շաբաթ ռմբակոծոծ են մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող շարասիւն մը։

Աւելի կանուխ, Սպիտակ տունը յայտարարած էր, թէ Ռուսիան կամ Սուրիան պատասխանատու կը նկատէ Հալէպի մօտ մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող կարաւանի մը դէմ կատարուած յարձակումին՝ դէպքը կոչելով <<մարդկային մեծ ողբերգութիւն>> մը: Իրենց ինքնութիւնը բացայայտել չուզող ամերիկացի պաշտօնատարներ <<Պի.Պի.Սի.>>ին յայտնած են, որ յարձակումը կատարուած է ռուսական <<Սու-24>> օդանաւերու կողմէ։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը սակայն բուռն կերպով հերքեց ամբաստանութիւնը։ Նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որ կը վկայէ կարաւանին անմիջական դրացնութեամբ զինեալներու ներկայութեան մասին: Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս բեռնատարներուն կողքով կ՛անցնի մեքենայ մը, որուն հրասանդ մը կապուած է:

ՄԱԿը նախապէս յայտնած էր, որ կարելիութիւնը չունի հաստատելու, եթէ տեղի ունեցածը իրապէ՛ս օդային յարձակում մըն էր, թէ ոչ:

Միւս կողմէ՝ Սեպտեմբեր 21ին, Հալէպի մէջ ռմբակոծուեցաւ դարմանատուն մը. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Մոսկուան ու Դամասկոսը ամբաստանեց ռմբակոծման համար եւ յայտարարեց. <<Սուրիական եւ ռուսական օդանաւերուն պէտք է արգիլել թռիչք կատարել ընդդիմութեան տարածքներուն վերեւը>>:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա այս առթիւ յայտնեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը իր պնդումները հաստատող <<փաստեր չունի>>՝ աւելցնելով. <<Մենք այս կացութեան հետ որեւէ կապ չունինք>>:

 



comments