By Asbarez | Wednesday, 28 September 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - <<Մեծամորի հիւլէակայանը վտանգ կը ներկայացնէ դրացի երկիրներուն եւ պէտք է փակուի>>, Վիեննայի մէջ Սեպտեմբեր 27ին յայտարարած է Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, ՄԱԿի Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր խորհրդաժողովին ընթացքին:
Թրքական <<Անատոլու>> լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նախարարը պնդած է, թէ Մեծամորի հիւլէակայանը 47 տարի առաջ կառուցուած է եւ թէ այժմ չի գործածուիր ու պաշտպանական հարկաւոր կառոյցներ չունի, ինչ որ կը մտահոգէ Թուրքիան, որուն սահմանէն միայն 16 քիլոմեթր հեռու է այդ հիւլէակայանը։
Խորհրդաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ ուժանիւթի նախարար Աշոտ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ: Մանուկեանի տեղակալ Արեգ Գալստեան ռուսական <<Սփութնիք>> գործակալութեան յայտնած է, որ թրքական կողմի մեղադրանքները անհիմն են եւ իրականութեան չեն համապատասխանիր: <<Այդ յայտարարութիւնը քաղաքականութիւն է, ոչ թէ մասնագիտական գնահատական>>, նշած է նախարարին տեղակալը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարը, որ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի փեսան է, անցեալ Ապրիլին, երբ ցուցարարներ կը բողոքէին Թուրքիոյ մէջ հիւլէակայաններ կառուցելու նախագիծին դէմ, կոչ ըրած էր անոնց, որ իրենց բողոքը հասցէագրեն Հայաստանի հիւլէակայանին։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ