Մինսկի խմբակը կը շարունակէ աշխոյժ աշխատանք տանիլ կողմերուն հետ. Ուորլիք

By Asbarez | Wednesday, 28 September 2016

0913warlick

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը կը շարունակէ աշխուժօրէն աշխատանք տանիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերուն հետ՝ խրախուսելով անոնց, որ յարգեն հրադադարը. այս մասին կը հաղորդէ ռուսական <<Նովոսթի>> լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքը։

Ամերիկացի համանախագահը նաեւ աւելցուցած է, թէ ռազմական գործողութիւններուն կրճատումը կարելի կը դարձնէ խաղաղ բանակցութիւններուն շարունակումը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի ձեռք բերած նոր զինատեսակները, մասնաւորապէս՝ հրթիռային կայանները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ կայացած սահմանադրական հանրաքուէն ի՞նչ ազդեցութիւն կրնան ունենալ Արցախի տագնապին կարգաւորման վրայ՝ Ուորլիք պատասխանած է. <<Համանախագահները կողմերուն կոչ կ՛ընեն հեռու մնալու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան բացասական ազդեցութիւն ունենալ բանակցային գործընթացին վրայ>>։

 

comments